Un weekend à l'Est - Masterclass : écrire en arménien occidental aujourd’hui
Masterclass internationale avec l’écrivain Krikor Beledian, auteur du cycle « Retour de nuit », en langue arménienne et format hybride.
La masterclass est destinée aux personnes concernées par l’écriture en arménien occidental. Elle sera organisée autour de lectures de travaux des participants, partages d’expérience et analyses de textes.
Գրել հայերէն, մասնաւորաբար արեւմտահայերէն, այսօր Սփիւռքի մէջ, ահա այս “Վարպետութեան դասին”
հիմնական խնդիրը։ Մարտահրաւէր մը։ Ո՛չ գրական տեսութիւն, ոչ ալ գրականութեան պատմութիւն։ Նոյնիսկ եթէ
ատոնք անպայման չեն մերժուիր։ Դասը կը զարգանայ հարցումի մը շուրջ. ինչպէ՞ս գրել ոչ-տեղայնացած,
ոչ-հաստատութենական լեզուով, ինչպէ՞ս զայն ստանձնել, ինչպէ՞ս գրութիւնը առնչել հեռաւոր, ո՛չ ներկայ,
խայտաբղէտ հաւանական ընթերցողներու շրջանակին։
Մեկնակէտ պիտի ծառայեն գլխաւորաբար մասնակիցներու աշխատանքները, որ պիտի ենթարկուին ընթերցումի, վերլուծումի, ազատ փոխանակութեան զրոյցի մը մէջ։ Ջանք պիտի ըլլայ փոխանցել ոչ թէ գիտելիք, այլ մտածել տալ, ուղղել, փորձել երեւակայութեան, յիշողութեան զարկ տալ, տեսողութիւն ու լսողութիւն պատրաստել, սրել։
ԳՊ